2012-03-09 12:57:02

Միջազգային Գարիթասի Կոչը 8 Մարտի` Կնոջ Միջազգային Օրուան Առթիւ ։


Կինը պաշտպանելու հրաւէր։
Իր այս կոչով միջազգային գարիթասը, որուն աթոռը Հռոմ կը գտնուի, խնդրած է աշխարհի կառավարութիւններէն ու ընկերային կազմակերպութիւններէն որ պաշտպանը հանդիսանան գաղթական կիներուն։ Միջազգային Գարիթասը իր այս կոչով կը պարզէ վիճակը աւելի քան 104 միլիոն կիներուն, որոնք կը յուսային իրենց երջանկութիւնը գտնել օտար երկիրներ գալով, դժբախտաբար սակայն, անոնք յաճախ զոհ եղան զանազան չարաշահութիւններու։ կառավարութիւններու պարտականութիւնն է պաշտպանել կիները ու խորհուրդ տալ անոնց, նախքան մեկնումը իրենց ծննդավայրէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.